մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Վերմակը

Մէկ գառնուկ,
երկու գառնուկ,
առաւել երկու՝
թող ըլլան
չորս գառնուկ…

Չորս գառնուկ,
հինգ գառնուկ,
առաւել երկու՝
թող ըլլան
եօթը գառնուկ…

Եօթը գառնուկ,
Շուշիկին հետ
փաթթո՛ւկ, փաթթուկ քնանան,
Շուշիկին
փափո՜ւկ, փափուկ վերմակ դառնան…

Շուշիկին վերմակը
տաքո՜ւկ, տաքուկ…

Մէկ գառնուկ,
երկու գառնուկ,
առաւել երկու՝
թող ըլլան
չորս գառնուկ…

Չորս գառնուկ,
հինգ գառնուկ,
առաւել երկու՝
թող ըլլան
եօթը գառնուկ…

Եօթը գառնուկ,
Նուշիկին հետ
փաթթո՛ւկ, փաթթուկ քնանան,
Նուշիկին
փափո՜ւկ, փափուկ վերմակ դառնան…

Նուշիկին վերմակը
տաքո՜ւկ, տաքուկ…

Մէկ գառնուկ,
երկու գառնուկ,
առաւել երկու՝
թող ըլլան
չորս գառնուկ…

Չորս գառնուկ,
հինգ գառնուկ,
առաւել երկու՝
թող ըլլան
եօթը գառնուկ…

Եօթը գառնուկ,
Անուշիկին հետ
փաթթո՛ւկ, փաթթուկ քնանան,
Անուշիկին
փափո՜ւկ, փափուկ վերմակ դառնան…

Անուշիկին վերմակը
տաքո՜ւկ, տաքուկ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ֆրանսահայ գրականութիւն

Գրականութիւն

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն

ՀայՍփէլ