մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Րուրի

Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ,
ծառին վրայ ճիւղ մը կայ…
Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ,
բոյնին մէջն ալ թռչնիկ մը կայ…

Աստղ եւ լուսին օրօր կ’երգեն,
օրօր կ’երգեն ու կ’օրօրեն…
Րուրի րուրի, սիրուն թռչնիկ,
անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ…

Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ,
ծառին վրայ ճիւղ մը կայ…
Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ,
բոյնին մէջն ալ երկու թռչնիկ կայ…

Ամպ ու անձրեւ օրօր կ’երգեն,
օրօր կ’երգեն ու կ’օրօրեն…
Րուրի րուրի, երկու թռչնիկ,
անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ…

Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ,
ծառին վրայ ճիւղ մը կայ…
Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ,
բոյնին մէջն ալ երեք թռչնիկ կայ…

Ծառ ու ծաղիկ օրօր կ’երգեն,
օրօր կ’երգեն ու կ’օրօրեն…
Րուրի րուրի, երեք թռչնիկ,
անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Փիլիպարտէզ

Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն