Փայլուն աստղ եւ լուսին,
բարձ ու վերմակ, անկողին…
Սաւանը,
փետուրէ բարձը
եւ
Շուշիկը
տաքո՜ւկ տաքուկ
վերմակին տակը…
Շուշիկը ե՜ւ…
Երկու աստղ եւ լուսին,
բարձ ու վերմակ, անկողին…
Սաւանը,
փետուրէ բարձը
եւ
Նուշիկը
տաքո՜ւկ տաքուկ
վերմակին տակը…
Շուշիկը, Նուշիկը ե՜ւ…
Երեք աստղ եւ լուսին,
բարձ ու վերմակ, անկողին…
Սաւանը,
փետուրէ բարձը
եւ
Անուշիկը
տաքո՜ւկ տաքուկ
վերմակին տակը՝ բա՛թ…
Վա՛յ…
Ո՞վ ինկաւ անկողինէն…
Անկողինէ՞ն,
թէ երկինքէն…
Հազար աստղ, մէկ լուսին,
բարձ ու վերմակ, անկողին…