մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Պուրպատիկ կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, մարզանք, պուպրիկ, շոգեկառք եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։

Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն ունին. անհրաժեշտ է զայն զարգացնել կազմակերպուած եւ նպատակադրուած ձեւով։ Այս առումով Պուրպատիկը պարզապէս երգերու հաւաքածոյ մը ըլլալէ անդին, մանկավարժական գործիք մըն է, որ թէ՛ կը զարգացնէ երեխաներուն երաժշտական հմտութիւնները, թէ՛ ալ երաժշտութեան միջոցաւ երեխաները կ՚օժտէ արտայայտուելու զանազան կարողութիւններով։

«Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը արտադրուած է որպէս առանձին ձայներիզ 1984 թուականին, ապա 2015 թուականին որպէս միացեալ խտասալիկներ «Նուրին»-ի հետ միասին՝ «Հայերէն մանկական երգեր եւ պատմուածքներ» խորագիրով։

Ձայներիզին ընդհանուր տեւողութիւնը 36 վայրկեան է։
Հրատարակուած է Vocal Art of Armenian Composers-ի կողմէ։

Ձայներիզը ներբեռնելու եւ խօսքերուն հասնելու համար՝ այցելեցէք հեղինակին կայքէջը, ուր առիթը պիտի ունենաք ձեր վճարումը կատարելու իբրեւ Արցախին յղուած նուիրատուութիւն, ընտրելով Հայկական հիմնադրամը կամ CAMAM-ը որպէս նպաստընկալ։

աւելին
Բարի լոյս
Պուրպատիկն ու մանուկները
Մարզանք
Հէյ աշուն
Լուսիկ, պուպրիկս
Շոքեկառքը
Նուագախումբը
Պուրպատիկը ծաղկոց կու գայ
Սուրիկն ու Արեւիկը
Կէտ-գիծ-կլոր
Ամենէն պիտանին
Ամենէն պիտանին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Յանուն հօր եւ որդւոյ

Վէպ

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Ընթերցումին ընդերքը

Փորձագրութիւն

Սփիւռք մատենաշար