Ֆիլմ դիտելը հաճելի ժամանց մըն է։ Իսկ աղուոր ֆիլմ մը դիտելը եւ զայն արժեւորելը, ժամանցին զուգահեռ, աւելի խորունկ փորձարութիւն մը կու տայ։
Աղուոր ֆիլմ մը կարողութիւնը ունի պատմութիւններու ընդմէջէն մեզ տեղափոխել վայրեր, ուր ժամանակներու եւ մշակոյթներու սահմանները գրեթէ գոյութիւն չունին։ Ֆիլմը կը յաջողի արտայայտել միտքեր եւ յուզումներ՝ պատմութիւն մը պատմելու հետաքրքրական հնարքներ առաջարկելով, անոնց յարմար պատկերներ կառուցելով եւ բեմադրելով, գեղարուեստական տարբեր ոճեր եւ այլ հնարքներ գործածելով։
Հինգ տեսերիզներէ բաղկացած այս շարքը պտոյտ մըն է սինեմայի հարուստ աշխարհին մէջ, որուն ընթացքին պիտի հանդիպինք զանազան հարցումներու, ինչպէս օրինակ՝ ինչո՞ւ ֆիլմ կը դիտենք, պատմութիւն մը ինչպէ՞ս կարելի է պատմել պատկերներու եւ տարբեր ոճերու ճամբով, եւ շատ աւելիին…