Աղուոր ֆիլմ մը պարզապէս սկիզբ եւ աւարտ ունեցող պատմութեան մը դէպքերու շարքը չէ։ Հոս իւրաքանչիւր տեսարան կը պարունակէ գիտակից ու մտածուած հնարքներ եւ գեղագիտական լուծումներ, որոնք ոչ միայն կ՚օժանդակեն ֆիլմի ընդհանուր նիւթին, այլ կ՚արտայայտեն միտքեր եւ զգացումներ՝ խօսքէն անդին։