մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Համազգային Է գրադարան

Դասական եւ նոր հրատարակուած գիրքերու մեծ շտեմարան մը ըլլալով, Համազգայինի «Է գրադարան» խելախօսի կիրարկութիւնը անվճար գիրքերու մեծ ընտրանի մը կը հրամցնէ։ Կիրարկութեան միջոցաւ կարելի է գնել նաեւ ներկայացուած միւս գիրքերը։

«Է գրադարան»-ը գիրքեր տրամադրելի դարձնող վայր մը չէ միայն։ Գործածողը կրնայ կիրարկութեան մէջ ընթերցել ներբեռնուած գիրքերը, որոնք ներբեռնելէ ետք՝ կը մնան անձնական «գրադարանին» մէջ։

Գրադարանը կը պարունակէ գրականութիւն, երգարաններ, թատերգութիւններ, մանկական եւ պատանեկան գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ, պատմական գիրքեր, եւ այլ տարբեր նիւթեր ընդգրկող գիրքեր։

«Է գրադարան»-ը կը բանի թէ՛ Անտրոյիտ, թէ՛ Այ-Օ-ԷՍ համակարգերու վրայ։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Մտածենք եւ լուծենք

Նայիրի-Ստեղն

Զարդիս մատենաշար

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը

Վէպ