Սոյն հատորը ծաղկաքաղի ձեւով իր մէջ կ՚ամփոփէ Վահէ Օշական (1922-2000) բանաստեղծական լման վաստակը, ընտիր հատոածներ հրամցնելով հեղինակին գրեթէ բոլոր քերթողական հատորներէն, թիւով ութը. Պատուհան (1954), Քաղաք (1963), Քառուղի (1971), Ահազանգ (1980), Խուճապ (1983), Արուարձաններ (1991), Ինքնութիւն (1996), Ճամբորդը (յետ մահու, 2006)։ Ասոնցմէ միայն Քաղաքը տպուած է հոս ամբողջութեամբ։ Հատորին խմբագիրն է Գրիգոր Պըլտեան։ Սկիզբը դրուած է «Գրական հռչակագիր» վերնագրով հանգանակ մը, զոր Վահէ Օշական գրած ու հրապարակային դարձուցած էր 1990ին։ Վերջաւորութեան դրուած է նաեւ յաւելուած մը, որ Վահէ Օշականի գրիչէն ելած ինքնանդրադարձի արժէք ունեցող երկու գրութիւններ կը պարունակէ, մէկը՝ «Վահէ Օշականի Վահէ Օշականի մասին», 1982ին լոյս տեսած «Գրական լուսարձակ» շարքին որպէս մէկ միաւորը, երկրորդը՝ «Յոբելեանի մը առիթով», գրուած 1994ին, գրագէտին յիսնամեայ յոբելեանին առիթով։ Բայց հատորը կը պարունակէ նաեւ հատորի մէջ չմտած կամ ամբողջովին անտիպ կարեւոր կտորներ։ Ասոնց կարգին նախ՝ «Փոխան աղօթքի» (Բագին, 1962), «Իսկ որք ասեն» (Ասպարէզ-Հորիզոն գրական յաւելուածին մէջ լոյս տեսած 1987ին), որ հեղինակի մտքին մէջ Պատգամը գործին առաջին բաժինն էր։ Երկրորդ բաժինն էր «Նոր պատարագ» կոչուածը, որ հոս երեւան կու գայ առաջին անգամ ըլլալով։ Գրութեան կցուած է հեղինակին կողմէ պատրաստուած յղումներու ցանկ մը, որ բանալի մը կը հրամցնէ «Աղէտէն դէպի նոր ժամանակները անցումի քերթուածներուն», ինչպէս որ անոնք կը միջամտեն գրուածքին մէջ։