Միջնակարգի «Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած միջնակարգի համար։ Ըստ տեղական պահանջներու, շարքը կարելի է գործածել երկրորդականի բաժիններուն մէջ եւս, շնորհիւ գիրքին կառոյցին, որ ուսուցիչին տրամադրութեան տակ կը դնէ գործածութեան մէկէ աւելի մակարդակներ եւ տարազներ։
Գիրքերը բաղկացած են դասերէ, որ կը տարածուին քանի մը դասապահերու վրայ։ Աշակերտներուն վարժեցնելու համար լեզուական հմտութիւններու մէջ, իւրաքանչիւր դաս կը գործածէ զանազան մեթոտներ. ընթերցում, բովանդակութեան վերլուծում, բացատրութեան տնային աշխատանքներ, դասարանային սրբագրումներ, լեզուական վարժութիւններ, շարադրական աշխատանք, հետազօտական աշխատանքներ, հորիզոնական հաղորդակցութիւն, եւ այլ զանազան միջոցներ։
Գիրքերը կը պարունակեն «Ուսուցիչին հետ» բաժին մը, որ օգտակար ուղեցոյցի դեր կը կատարէ դասագիրքը գործածող ուսուցիչներուն համար: Ասոնցմէ զատ, պատրաստուած են նաեւ առանձին ուղեցոյցներ, որ դաս առ դաս, պահ առ պահ ուսուցիչին կու տան առաջարկներ դասաւանդումի համար։ Այս ուղեցոյցները յատուկ բաժիններով առաջարկներ կու տան նաեւ տկար հայախօսներու համար: Ի հարկին կարելի է դիմել անջատ տպուած եռալեզու բառացանկին (հայերէն-անգլերէն-ֆրանսերէն):
Շարքի չորս գիրքերուն կ՚ընկերակցին նաեւ չորս համապատասխան «Տետրակ»-ներ, որոնք պատրաստուած են բուն դասագիրքերը քերականական աշխատանքներով չխճողելու նպատակով։ «Տետրակ»-ներուն մէջ տեղ գտած են թէ՛ քերականական օրէնքներու բացատրութիւններ եւ թէ՛ լեզուական աշխատանքներ, որոնք կարելի է ամբողջացնել անմիջապէս «Տետրակ»-ին վրայ։ Այս տետրակներէն առաջինը կարելի է գտնել այստեղ, որպէս օրինակ։
«Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքը պատրաստուած է կրթական մշակներ Մարօ Գալայճեան Քիւրքճեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ եւ երկար տարիներէ ի վեր կը գործածուին Սփիւռքի զանազան վարժարաններու մէջ։