մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Երաժշտական արխիւ

Օսմանեան շրջանի հայկական աշխարհը իր բազմազանութեամբ ծանօթացնելու իր նպատակէն մեկնելով, Յուշամատեանը լայն տեղ կու տայ նաեւ երաժշտութեան։

Թէ՛ կայքէջին, թէ՛ առանձին SoundCloud-ի էջին վրայ տեղադրուած հաւա¬քածոներով, Յուշամատեանը հարիւրաւոր թուայնացուած երաժշտական կտոր¬ներ կը հրամցնէ, որոնք ի մի բերուած են զանազան անհատական արխիւներ համախմբող աշխա¬տան¬քին շնորհիւ։

Ներկայացուած երգացանկերը օսմանեան շրջանի Հայերուն մշակութային բազ¬մա-զանութիւնը լաւապէս կը դրսեւորեն, ու միեւնոյն ժամանակ՝ սփիւռքեան զանազան գաղութներու սկզբնական շրջանի երաժշտական փորձառութիւնը կը ցոլացնեն։

Ըլլալով մէկ կողմէ՝ երաժշտութեան ուսումնասիրութիւններու եւ դպրոցական միջավայրերու համար հարուստ աղբիւր մը, միւս կողմէ՝ պարզապէս ունկն¬դրու¬թեան համար թուայնացուած երգացանկ մը, Յուշամատեանը իր արխիւը կը հրամ¬ցնէ ամբողջովին անվճար, եւ դիւրաւ մատչելի ձեւով, քանի որ SoundCloud-ը կարելի է գործածել համակարգիչներու եւ խելախօսերու յաւելուածներուն միջոցաւ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Փոքրիկ

Հէքիաթներու աշխարհ

Անտիտղոս հերոսներ

Գիրքերու մատենաշար

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր