մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Արեւ լուսին աստղ

Մանկական խաղ

Բակի խմբային խաղ բոլորին համար

Բակի խմբային խաղ բոլորին համար…։
Մեծէն պզտիկ
կամ պզտիկէն մեծ…։

Արեւ լուսին աստղ…։

Խումբը կը յառաջանայ
երբ լսէ՝
Արեւ լուսին…։
Իսկ երբ լսէ՝ աստղ,
պէտք է տեղնուտեղը անշարժանայ,
արձան դառնայ…։

Այն երեխան, որ կը շարժի,
խաղէն դուրս կու գայ…։

Երբ անշարժանան՝
պէտք է տարբեր ու տարօրինակ
կեցուածքներ ունենան…։

Խաղին նպատակն է
հասնիլ մինչեւ հեռուն՝
հորիզոնին կանգնած ձայն տուողին…։

Հետզհետէ կ՚աւելնան հրահանգները,
հրահանգներուն հետ նաեւ ձեւերը…։

Արեւ լուսին աստղ…։
Արեւ լուսին ամպ…։

Ապա՝

Արեւ լուսին աստղ…։
Արեւ լուսին ամպ…։
Արեւ լուսին մոլորակ…։

Փայլածու, Արուսեակ,
Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ… ։
Լուսնթագ եւ Երեւակ…։
Ուրանոս, Պոսիդոն,
ութ մոլորակ հոս եւ հոն…։

Փայլածուն, Արուսեակը՝
շատ տաք, շատ տաք…։
Երկիրը՝ կապոյտ մոլորակ…։
Հրատը՝ կարմիր մոլորակ…։
Լուսնթագը՝ մեծ գնդակ…։
Երեւակը՝ ունի օղակ…։
Ուրանոս, Պոսիդոն,
ութ մոլորակ հոս եւ հոն…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Րուրի

Կշռական հատում

Փորձագրութիւն

Ընթերցումին ընդերքը

Փորձագրութիւն