Հաշուերգները բոլորին համար են,
անտարիք են…։
Հաշուերգները միշտ կը հնչեն.
խաղէն առաջ կամ խաղի ժամանակ,
խաղը սկսողին
կամ աշխատանք մը կատարողին
դժուար ընտրութիւնը
ձգելով բախտին…։
Յաճախ անհեթեթ բառեր են…։
Երեւի ժամանակին ոչ անհեթեթ…։
Բերնէ բերան ճամբորդած,
ծամծմուած,
ծռած մռած
եւ ծիծաղելի բառեր մեզի հասած…։
Պայման չէ իմաստ փնտռել…։
Համն ու հոտը
անհեթեթութեան մէջն է…։
Բու բու բու…։
Աղուտ կուտ, կըր կուտ,
ելանք սարեր զընգըլ կուտ…։
Ճանիկ մանիկ,
դաստայ կուլեկ,
տը հան պուտ…։