Խմբային խաղ՝
երեքէն եօթը տարեկաններու համար…։
Խաղալ գարնան՝ Մեծ Զատիկէն առաջ…։
Կրկնել՝
Հաւնոցը
աքլորը
հաւուկը
աքլորը,
Ճուտիկները…։
Հաւ աքլոր,
հաւ աքլոր…։
Երբ լսեն՝
Ճուտի՛կ,
շուտով պպզիլ…։
Իսկ երբ լսեն՝
Հաւկի՛թ,
շուտով դառնալ հաւկթաձեւ…։
Խաղին մէջ
փորձել միշտ
նորութիւններ աւելցնել…։
Երբ հաւկիթ դարձած են,
հաւուկը թուխս պիտի նստի…։
Համրել մինչեւ քսանմէկ…։
Անշարժ, հաւկթաձեւ մնալ…։
Քսանմէկերորդ օրը՝
չըրըխըկը,
հաւկիթները կը ճեղքուին
ու դուրս կու գան
ճուտիկները…։
Ճիւ ճիւ ճիւ,
պպզած կը պտըտին կրկնելով՝
Ճստիկ ճուտիկ
ճստիկ ճուտիկ…։