մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Կոտոշ կոտոշ

Մանկական խաղ

Ձեռնախաղ՝
երեքէն ութ տարեկաններու համար…։

Կրկնել՝

Կոտոշ կոտոշ,

եւ մատներով
զոյգ մը կոտոշ տեղաւորել գլխուն վրան,
երբ կը լսեն կենդանիին անունը…։

Կոտոշ, կոտոշ,
այծուկի կոտոշ…։
Պէէէէէ…։

Կոտոշ, կոտոշ,
նոխազի կոտոշ…։
Պէէէէէէէէէ…։

Կոտոշ, կոտոշ,
կովուկի կոտոշ…։
Մուուուու…։

Կոտոշ, կոտոշ,
ցուլի կոտոշ… Հայտըտա տըմպա, տըմպա, տըմպա։

Կոտոշ, կոտոշ,
պատառաքաղի կոտոշ…։

Խաղերուն մէջ
երբեմն
մտցնել անհեթեթ պատկեր մը,
պտղունց մը համեմի նման…։

Կոտոշ, կոտոշ,
գայլի կոտոշ…։

Ուշադիր պէտք է ըլլալ…։
Այն կենդանին որ կոտոշ չունի,
պէտք չէ կոտոշներ շինել գլխուն վրան…։

Երբ երեխան կը սխալի,
անշուշտ պիտի ճաշակէ՝

Խաբեցի՛, խաբեցի՛,
մուկը ծակէն հանեցի,
վրան հաւկիթ քսեցի,
ալիւրին մէջ թաթխեցի,
առանց իւղի տապկեցի,
խաբուողին կերցուցի…։

Անո՛ւշ ըլլայ…։
Գորշ գայլը կոտոշ ունի՞…։

Երբ երեխան կը սխալի,
անշուշտ պիտի ճաշակէ
առանց իւղի տապկուած մուկը…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Շրջում

Վէպ

Փոքրիկ Նիկոլը

Պատանեկան պատմութիւններ

Կիրակոսը

Մանկապատանեկան վիպակ

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

Առցանց հանրագիտարան