մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Գորտը – Հանելուկ

Մանկական խաղ

Խաղալ մանաւանդ
անձրեւոտ օրերը,

Հանելուկներուն պոչը երկար է…։
Կարելի է ստեղծել ու խաղալ
բոլոր կենդանիներուն համար…։
Կրկնել՝

Գոց սնտուկ,
բաց սնտուկ,
մէջէն ելաւ հանելուկ…։

Հանելուկը կրկնել
գորտի ձայնով
եւ ձեւերով՝

Մկրատը բաց
Մկրատը գոց
Մկրատ, մկրատ,
մազ չկայ…։
Տոտիկ կայ, կայ, կայ…։
Թաթիկ կայ, կայ, կայ…։
Պոչիկ չկայ…։

Երբ ձայն տուողը ըսէ՝

Գորտ
Գորտիկները դուրս…։

Բոլոր գորտիկները
պէտք է ցատկեն դէպի դուրս…։
Երբ ձայն տուողը ըսէ՝

Գորտիկները ներս…։

Բոլոր գորտիկները
պէտք է ցատկեն դէպի ներս…
երբ գորտիկները շատ ուրախ են…։

Գորտիկները ջուրին մէջը…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Միտք եւ արուեստ

Գրական եւ վերլուծական յօդուածներու ժողովածու
Սփիւռք մատենաշար

Արեւ, արեւ

Վէպ

Հայբոտ