Հաշուերգները բոլորին համար են,
անտարիք են…։
Հաշուերգները միշտ կը հնչեն.
խաղէն առաջ կամ խաղի ժամանակ,
խաղը սկսողին
կամ աշխատանք մը կատարողին
դժուար ընտրութիւնը
ձգելով բախտին…։
Յաճախ անհեթեթ բառեր են…։
Երեւի ժամանակին ոչ անհեթեթ…։
Բերնէ բերան ճամբորդած,
ծամծմուած,
ծռած մռած
եւ ծիծաղելի բառեր մեզի հասած…։
Պայման չէ իմաստ փնտռել…։
Համն ու հոտը
անհեթեթութեան մէջն է…։
Մատանիս կորսնցուցի
Մատանին պահել
մէկուն ափին մէջ…։
Ապա
բոլոր մասնակցողները
իրենց գոց ափերը դէպի առաջ երկարելով,
կը սպասեն լուռ…։
Մատանին փնտռող երեխան
ցուցամատը կը պտտցնէ
թաթիկներուն վրան,
հաշուերգը վանկ առ վանկ կրկնելով,
յուսալով
որ բախտը իրեն կը ժպտի,
պահող թաթիկը եւ պահուած մատանին կը գտնէ…։
Խաղը կարելի է խաղալ նաեւ գաւաթներով՝
անշուշտ ոչ թափանցիկ գաւաթներ…։
Երեք կամ չորս հատ գաւաթ,
ծուռ դարձուած,
մէկուն տակը
մատանին պահուած…։
Բու բու բու
Մատանիս կորսնցուցի,
քունս աչքէս փախցուցի…։
Ոսկի մատանի,
արծաթ մատանի,
կամ այստեղ է,
կամ այստեղ…
Երբ փնտռողը կը ձախողի,
Խումբը խնդալով կը կրկնէ
փնտռողին անունը տալով՝
Ինչո՞ւ չգիտցար,
ջուրէն ելած մուկ դարձար…։
Թափ թաց, թափ թաց…։
Երբ փնտռողը կը յաջողի՝
Ծլիս ծաղկիս ու ապրիս
Ծլիս ծաղկիս ու ապրիս