Ձեռնախաղ՝
երեքէն վեց տարեկաններու համար,
թերեւս ալ աւելի…։
Օճառ ու ջուր
Օճառ ու ջուր
Փրփուր…։
Թաթիկները մաս մաքուր
Անուշ ըլլայ ճաշը ուտողին
Ձեռքերը դալար ճաշը եփողին
Խաղալ ճաշէն առաջ,
նստած ճաշասեղանին…։
Դալար թաթիկ ջուր բեր…։
Ես չեմ բերեր դուն բեր…։
Փիլաւ եփեմ,
դուն կեր, դուն կեր, դուն կեր…։
Խաղը պարզ է,
սակայն զուարճալի,
մանաւանդ երբ կ’արագանայ…։
Պարզ խաղիկ մը
ուրախութեամբ դիմաւորելու
պնակն ու ճաշիկը…։
Խաղալ
փոխելով ճաշատեսակը՝ տոլմա, հարիսա, լուբիա,
երբեմն կանանչ ձեռնոցներ դրած,
ապա կրկնել՝
Անուշ ըլլայ, ճաշը ուտողին…։
Ձեռքերը դալար, ճաշը եփողին,
Իսկ ան որ
իր պնակը
հայելիի նման մաս մաքուր կը ձգէ,
պնակին մէջ
իր նշանածին փայլուն երեսը կը տեսնէ՝
կ’ըսէ Սուրբ Սարգիսը…։