մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Արագիլին բոյնը

Մանկական խաղ

Հաւասարակշռութեան խաղ
բոլորին համար…։
Մեծէն պզտիկ
կամ պզտիկէն մեծ…։
Խաղալ գարնանամուտին…։

Գարունը
Արագիլը…։
Արագիլին բոյնը
Արագիլը բոյն շիներ է։
մարդ չի գիտեր ուր դրեր է…։

Աւելորդ կերպասներով
պատրաստել արագիլին բոյնը…։

Երեխային մարմինը
պիտի ըլլայ իր տունը,
իսկ գլուխը՝ ծխնելոյզը…
գլխուն վրան՝ արագիլին բոյնը…։

Երեխան,
բոյնը գլխուն վրան,
պէտք է քալէ ուշադիր,
եւ արագիլին բոյնը տեղաւորէ
դրացիին ծխնելոյզին վրան…։

Հետզհետէ աւելցնել բոյները,
գլխուն վրան,
մէկը միւսին վրան,
բարդացնելով խաղը…։

Վերջապէս
երբ բազմաթիւ բոյներով դժուար է քալելը,
արագիլը պէտք է կանգնի
մէկ ոտքին վրան…։

Այս խաղով
երեխան պիտի քալէ
կռնակը շիտակ,
հանդարտ,
կեդրոնացած…
թագաւորի կամ թագուհիի նման…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Տեսերիզ

Իրագիտութիւն

Գիտական դասագիրքերու շարք
Երդիք

Ալնիս Բալնիս