մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Օձախաղ

Մանկական խաղ

Բակի խմբային խաղ՝
երեքէն վեց տարեկաններու համար…։

Խաղալ դպրոցական վերամուտին,
կարենալու համար
շուտով շարուիլ
ետեւ ետեւի,
երբ զանգը հնչէ…։

Խաղիկը կը սկսի
կրկնելով հանելուկը…։

Այն ո՞վ է…
Պարանի պէս երկար է…։

Երեխաները միշտ պէտք է արձագանգեն
կրկնելով հանելուկը
տող առ տող…։

Շապիկ ունի կարուած չէ,
հաւկիթ կ՚ածէ հաւ չէ,
ամբողջ աշխարհը կը վախցնէ՛։

Երեխաները
երբ խաղը արդէն իւրացուցած են,
լսելով հանելուկին կանչը՝

Այն ո՞վ է,

պէտք է շուտով
ետեւ ետեւի շղթայ մը կազմեն…։
Հանելուկը կրկնելով
օձը կը սողայ…։
Երբ խաղը արդէն իւրացուցած են,
փոքրիկ փոփոխութիւններ մտցնել միշտ…։
Կարելի է կանգ առնել
երբ կը կրկնեն`
հաւկիթ կ՚ածէ հաւ չէ,
եւ կանգնած
ծունկերը ծալել շտկել շարունակ,
չափով, վար վեր,
կարծես բոլորը միասնաբար հաւկիթ կ՚ածեն…։

Ոլոր մոլոր
օձը կը սողայ ու ծակը կը մտնէ…։
Պէտք է անուշ խօսք,
որ օձը ծակէն դուրս գայ…։

Հաճիս, խնդրեմ,
եթէ կարելի է,
կ՚աղաչեմ, կը պաղատիմ…։

Երբ նոր սկսած են սորվիլ խաղը,
սկսիլ մէկ բառով՝

հաճիս…

Ապա
կամաց կամաց,
ժամանակի ընթացքին
աւելցնել
նոր բառ մը,
նոր միտք մը,
մինչեւ հասնին
ամենակարեւորին՝

Անուշ խօսքը
օձը ծակէն կը հանէ…։

Օրուան մէջ
երբ երեխան մոռցած է գործածել անուշ խօսքը,
աչուկներուն նայիլ ու յիշեցնել՝

Անուշ խօսքը օձը ծակէն կը հանէ…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արաս

Հրատարակչատուն
Զարդիս մատենաշար

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը

Վէպ

Երդիք

Մանկական տեսերիզներու ծրագիր

Պէյրութի հայանուն փողոցները