«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը կը բաղկանայ չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի տարիներուն գործածելու համար։ Ամէն մէկը՝ 10էն 14 դասաերէ բաղկացած այս չորս գիրքերը կ՚անդրադառնան գիտական նիւթերու լայն ծիրի մը, կենսաբանութենէն աստղագիտութիւն, բնագիտութենէն երկրաբանութիւն, մարդու մարմին եւ շատ աւելին։ Իւրաքանչիւր դասի նպատակն է գիտական նիւթը ներկայացնել պատկերազարդ եւ մատչելի լեզուով մը, եւ միւս կողմէն նպաստել աշակերտներուն տրամաբանութեան զարգացման։
Միշէլ Զէյթունլեանի հեղինակած այս շարքը իրականացած է որպէս միացեալ ձեռնարկ Լիբանանի թեմի Ուսումնական խորհուրդի եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան։ Շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն եւ հետաքրքրասէրներուն համար, Զնտուկ կու տայ անոր իր կայքէջին վրայ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան արտօնութեամբ։
Ստորեւ կարելի է հասնիլ շարքի գիրքերուն բովանդակութեան եւ գիրքերուն ամբողջական թուային տարբերակներուն։