«Գիտութիւն Բ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 10 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողու-թիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղա¬փար-ներու վրայ։
«Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն եւ հետաքրքրասէրներուն համար, Զնտուկ տեղ կու տայ անոր իր կայքէջին վրայ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան արտօնութեամբ։