«Այս աշխատասիրութիւնը կը հետապնդէ հիմնական երկու նպատակ: Առաջին՝ փոխանցել զեկուցում մը գիտահետազօտական աշխատանքի մը գործընթացին ու անոր արդիւնքներուն շուրջ: Այդ աշխատանքին նպատակն է ուսումնասիրել լիբանանահայ վարժարաններէ ներս ծառայող ուսուցիչներու եւ տնօրէններու մանկավարժական ըմբռնումները՝ քննադատական մտածողութեան առնչութեամբ։ Երկրորդ՝ ներկայացնել գիտահետազօտական աշխատանքի ընդգրկած նիւթին առնչուող հիմնահարցեր՝ ապաւինելով մասնագիտական համապատասխան գրականութեան»։