Թութուպան եւ Խուճկուլուլուն,
այսինքն՝ թիթեռնիկը եւ խխունջիկը,
վաղեմի ընկերներ են,
սակայն խնդիր մը ունին․
մէկը արե՛ւ կ՚ուզէ,
միւսը անձրե՛ւ։
Անձրեւին՝
մէկը տխուր, միւսը ուրախ,
արեւին՝
մէկը ուրախ, միւսը տխուր…
Երկու ընկեր
ի՞նչ ու ինչպէ՞ս ընեն,
որ միաժամանակ ուրա՛խ ըլլան…