Լուացքը ինչպէ՞ս կ՚ընեն։
Տաք ջուր, պաղ ջուր,
օճառ եւ փրփուր։
Ուրի՞շ…
քիչ մըն ալ խաղ ու լուացքի պարան։
Հապա՞ եթէ պարանը փրթի
ու լուացքը իյնայ աղտոտի…
Ուրեմն՝
նորէ՛ն տաք ջուր, պաղ ջուր,
օճառ եւ փրփուր։
Շապիկը, տաբատը,
հագուստը եւ անշուշտ՝ փո՛թ փո՛թ փէշը։