Խխունջիկ Խուճկուլուլուն,
այս անգամ
իր ընկերը՝ Թրթուրիկ Թութուպան կը կորսնցնէ…
Տրտո՜ւմ տխուր է Խուճկուլուլուն…
Կ՚անցնի ցուրտ ձմեռը, կու գայ գարունը,
եւ ծի՛կ, թիթեռնիկ մը կը թառի պատեանին վրայ…
Ո՞վ է արդեօք այս նոր ընկերը,
որուն դէմքը շա՜տ, շա՜տ ծանօթ է…