մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Բարի եկար Նուրին

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Նուրին կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, ճօճանակ, դիմակ, ծաղիկ եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։

Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի եկար Նուրին» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ, որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն ունին. անհրաժեշտ է զայն զարգացնել կազմակերպուած եւ նպատակադրուած ձեւով։ Այս առումով Պուրպատիկը պարզապէս երգերու հաւաքածոյ մը ըլլալէ անդին, մանկավարժական գործիք մըն է, որ թէ՛ կը զարգացնէ երեխաներուն երաժշտական հմտութիւնները, թէ՛ ալ երաժշտութեան միջոցաւ երեխաները կ՚օժտէ արտայայտուելու զանազան կարողութիւններով։

«Բարի եկար Նուրին» ծրագիրը նախ արտադրուած է որպէս առանձին ձայներիզ 1988 թուականին, ապա 2015 թուականին որպէս միացեալ խտասալիկներ «Պուրպատիկ»ի հետ միասին՝ «Հայերէն մանկական երգեր եւ պատմուածքներ» խորագիրով։

Ձայներիզին ընդհանուր տեւողութիւնը 32 վայրկեան է։
Հրատարակուած է Vocal Art of Armenian Composers-ի կողմէ։

Ձայներիզը ներբեռնելու եւ խօսքերուն հասնելու համար՝ այցելեցէք հեղինակին կայքէջը, ուր առիթը պիտի ունենաք ձեր վճարումը կատարելու իբրեւ Արցախին յղուած նուիրատուութիւն, ընտրելով Հայկական հիմնադրամը կամ CAMAM-ը որպէս նպաստընկալ։

աւելին
Պուրպատիկը հիւանդ է
Նուրին-նուրին
Ծաղկոց կ՚երթանք
Ձմեռ
Մատիկներու պատմութիւն
Ծափ-ծափ-ծափ
Ներկարարները
Բարեկենդան
Սուրիկն ու փուչիկները – պատմութիւն
Սուրիկն ու փուչիկները
Ծաղիկներուն քունը
Բմբուլիկին ճամբորդութիւնը
Նուրին-նուրին Բ
Տուն ունիմ

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Կշռական հատում

Փորձագրութիւն

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր

Գիւտ մը նիւթ մը

Գիտական տեսերիզիներու շարք

Անաւարտութիւն

Փորձագրութիւն