մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տօն տօն է

Ամանորի խաղ

Տօն, տօն է,
այսօր տօն է…
Նոր տարին եկեր է,
մեր դուռը կը թակէ…

Տօն, տօն է,
այսօր տօն է…
Նոր տարին եկեր է,
ձեր դուռը կը թակէ…

Տօն, տօն է,
այսօր տօն է…
Նոր տարին եկեր է,
դռները կը թակէ…

Տօն, տօն է,
այսօր տօն է…
Նոր տարին եկեր է,
կաղին նուշ ընկոյզ,
չիր ու չամիչ բերեր է…

Աջ գրպանս լեցուն է,
ձախ գրպանս լեցուն է,
իսկ փորիկս լե՛փ լեցուն է…

Տօն, տօն է,
այսօր տօն է…

յ․գ․
Կարելի է խաղալ նաեւ Զատիկին՝

Տօն, տօն է,
այսօր տօն է…
Զատիկը եկեր է,
մեր դուռը կը թակէ…

Տօն, տօն է,
այսօր տօն է…
Զատիկը եկեր է,
կարմիր հաւկիթ բերեր է
կամ
գոյն գոյն հաւկիթ բերեր է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բարի եկար Նուրին

Հայրենի աղբիւր

Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ

Շրջում

Վէպ