մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Զատիկ է

Զատկուան խաղ

Մեր հաւուկը խատուտիկ է,
գոյն գոյն հաւկիթ ածեր է…

Այսօր մեզի
կարմիր, կանանչ,
Զատիկ է…

Կարմիր հաւկիթը կը գլորի,
կանանչ հաւկիթը կը պտտի…

Այսօր մեզի
երգով խաղով,
կարմիր, կանանչ,
Զատիկ է…

Մաման չէօրէք թխեր է,
պապան փիլաւ եփեր է…

Այսօր մեզի
համով հոտով,
երգով խաղով,
կարմիր, կանանչ,
Զատիկ է…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Վլում

Յանուն հօր եւ որդւոյ

Վէպ

Աղուոր բաներ

Սփիւռք եւ ինքնացում

Վերլուծումներ