մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Փոքրիկ

Հէքիաթներու աշխարհ

«Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։

Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական հէքիաթները փոխ առնուած են ժողովրդական գրականութենէն, տարբեր ժողովուրդներու աւանդական ու ժողովրդական առասպելներէն, դիցաբանութիւններէն, առակներէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներէն եւ ժամանակակից աղբիւրներէ:

«Փոքրիկ»-ի ծանուցումը կ՚ըսէ թէ իր նպատակն է «հաստատել աւելի ջերմ եւ մտերիմ զգացում եւ յարաբերութիւն, կայքէջը գործածողներուն եւ հէքիաթներու լեզուին միջեւ»։
Կայքէջին վրայ կան համաշխարհային հէքիաթներուն, փոքր տարիքով գործածողներուն եւ նոր աւելցուած հէքիաթներուն նուիրուած յատուկ բաժիններ։

«Փոքրիկ»-ը «Հէքիաթատօն» անունով յայտագիր մը ունի նաեւ, որուն ծիրէն ներս զանազան հանդիպումներ կը կազմակերպուին դպրոցներու մէջ։ Այս յայտագրին համաձայն՝ տուեալ դպրոցի մը աշակերտները խմբովին կը մասնակցին աշխատանոցներու, «Փոքրիկ»-ի ուղեկիցներուն հետ միասին։ «Փոքրիկ»-ը պատրաստած է նաեւ ուղեցոյց մը, որուն մէջ ամփոփուած են աշխատանոցներուն եւ ուղեկիցներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Նայիրի

Բառարաններու կայքէջ
Արաս

Հիփփօ

Ֆրանսահայ գրականութիւն

Գրականութիւն