«Փթիթ»ը ե՛ւ կայքէջ է, ե՛ւ խելախօսի յաւելուած։ Որպէս մանկապատանեկան պարբերաթերթ սկսած է «Փթիթ»ը, ծնունդ առնելով Պէյրութի մէջ 2010 թուականին։
«Փթիթ»ը հարուստ է իր զանազան տեսակի խաղերով. լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական եւ ժամանցի։ Ունի նաեւ այլ հետաքրքրական բաժիններ՝ պատ-մութիւն, առակ, հանելուկ եւ ժպիտ։ Իր մատչելի բաժիններով, «Փթիթ»ին կայքէջը հետաքրքրական կայան մըն է, որուն կարելի է երկար ժամեր տրամադրել, կարդալով, խաղալով եւ զարգանալով։
«Փթիթ»ին «Յօդուածներ» բաժինը զանազան առողջապահական գիտելիքներ կը պարունակէ, «Նախաճաշին անհրաժեշտութիւնը», «Կազային ըմպելիներու վնասները», «Ինչպէս հոգ տանիլ ականջներուն», եւ այլ նման նիւթերու շուրջ։