Սփիւռք Մատենաշարը ընթերցողին կը հրամցնէ հայ գրականութենէն ընտրանի մը՝ գիրքեր որոնց հրատարակութիւնները սպառած են եւ կամ քիչ ծանօթ են հանրութեան, հակառակ անոնց կարեւոր պատմական դերին եւ գրական արժէքին։
«Ակտուալ Արուեստ»-ի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս գիրքերը, ընթերցողներուն կը ներկայացնէ արեւմտահայ սփիւռքի փորձառութիւնը, անոր արտադրած գրականութեան միջոցաւ։ Գիրքերը կարելի է նաեւ տրամադրելի դարձնել դպրոցական եւ դասարանային գրադարաններու մէջ։
Առայժմ, մատենաշարը կ՚ընդգրկէ 35 վերնագիրներ, որոնք կը պատկանին հետեւեալ գրողներուն՝ Արա Արծրունի, Զուլալ Գազանզճեան, Հրաչ Զարդարեան, Պետրոս Զարոյեան, Յակոբ Կարապենց, Յարութ Կոստանդեան, Մկրտիչ Մարկոսեան, Փայլակ Միքայէլեան, Յակոբ Մնձուրի, Շահան Շահնուր, Զարեհ Որբունի, Զարուհի Պահրի, Նշան Պէշիքթաշլեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Կարօ Փօլատեան եւ Յակոբ Օշական։