Փայլակ Միքայէլեանի վէպը նախ հրատարակուած է որպէս թերթօն Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ 1932 թուականին, ապա՝ լոյս տեսած է առանձին հատորով՝ «Յառաջ» մատենաշարէն, 1933-ին։ Վէպը կը պատկանի Փարիզի մէջ ծայր տուած սփիւռքահայ գրականութեան առաջին սերունդին, անոր մէջ կայ «ամբողջական նկարագիրը որբերու, մենակեացներու, տնանկներու», ինչպէս կ՚ըսէ նոր հրատարակութեան յառաջաբանը, գրուած բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ։