Սոյն հատորը մէկ կողքի տակ երկու գիրք կը պարունակէ։ Նախ՝ Ֆրիդրիխ Նիցչէի վերջին գործերէն՝ Դերաքրիստոսը (գերմաներէն՝ Der Antichrist, որ կրնայ նաեւ նշանակել “հակաքրիստոնեան”) գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Որմէ ետքը կու գայ Մարկ Նշանեանի աշխատասիրութիւնը Նիցչէի՝ գիտակից կեանքի վերջին տարիներուն զարգացուցած փիլիսոփայութեան մասին։ Նիցչէն իր այս գիրքը «ուժանիւթ»ի կը նմանցնէր, կ՚ըսէր թէ «տառացի կերպով կը պայթեցնէ մարդկութեան պատմութիւնը, երկուքի կը բաժնէ զայն»։ Նշանեան կը բացատրէ թէ գիտակից կեանքի վերջին տարին՝ Նիցչէ երեք ուղղութեամբ կատարած է իր յարձակումները. արուեստի, քաղաքականութեան եւ կրօնքի, եւ իւրաքանչիւր մարզի մէջ՝ յատուկ թշնամի մը բեմադրած է. Վագներ, Ժան-Ժագ Ռուսոյ եւ Պօղոս առաքեալը։ Վերջաւորութեան ուրեմն՝ որպէս Պօղոս առաքեալին հետ մրցակցութիւն պէտք է կարդալ Դերաքրիստոսը գրիքին գրառումը եւ ընդհանրապէս Նիցչէին հակաքրիստոնէութիւնը։