մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

տունը, ծուխը, ապուրը

ծաղիկ է,
գարո՜ւն է…

խնձոր է,
ամա՛ռ է…

կարմիր, դեղին տերեւ է,
աշո՜ւն է…

ծաղիկ չկա՛յ,
խնձոր չկա՛յ,
տերեւ չկա՛յ,
ծիտիկ չկա՛յ,
ձմե՜ռ է…

մէկ երկու,
մշի՜կ մշիկ կը քնանաս,
երեք չորս,
կուկուլիկո՜ւ կ՚արթննաս,
հինգ վեց,
դուռը կը բանաս,
եօթը ութը,
ո՞ւր կ՚երթաս,
ինը տասը,
դպրո՜ց…

տունը,
նո՛յնը,
միեւնո՛յնը…

տունը,
նոյնը,
միեւնո՞յնը…

ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ…

ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
մաման ոսպապուր կ՚եփէ…

ուշադրութի՜ւն…
շա՜տ տաք է…
շա՜տ շատ տաք…

ժամացոյցը երկու սլաք,
թիք թաք, թիք թիք թաք…

ոսպապուրը շա՜տ տաք՝ փո՛ւֆ փո՛ւֆ,
շա՜տ շա՜տ տաք՝ փո՛ւֆ փո՛ւֆ փո՛ւֆ…

աթոռակը տախտակ՝ ա՜խ ա՜խ…
չոր տախտակ՝ վա՜խ վա՜խ վա՜խ…

վրան նստողը հրեշտա՜կ,
թաթիկները բամպակ,
մատիկները մանուշակ,
իրեն տուէք հրուշակ…

պզտիկ պարոնիկը,
նստեր է սենեակը,
կը կարդայ՝
այբ բեն գիմ,
կը կարդայ՝
դա եչ զա…

պզտիկ օրիորդիկը,
նստեր է սենեակը,
կը ժպտի՝
հի հի հի՜,
կը խնդայ՝
հա հա հա՜…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Աքլորիկը

Ժամացոյցը

Ծուխը

Տաք ապուրը

Այլ նիւթեր՝

Լկրտածը

Վէպ
Զարդիս մատենաշար

Ռազմաձի

Վէպ

Յուշամատեան

Օրիորդ Շուշանիկ

Մանկապատանեկան վիպակ