մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

ձիւնը եւ ձմեռը

կը մսի՜մ, կը մսի՜մ,
ձի՛ւն կու գայ,
կը մսի՜մ…

կը մսի՜մ, կը մսի՜մ,
գլխարկ  չունիմ,
կը մսի՜մ…

գլխարկը ե՜ւ…

կը մսի՜մ, կը մսի՜մ,
վզկապ  չունիմ,
կը մսի՜մ…

գլխարկը, վզկապը ե՜ւ…

կը մսի՜մ, կը մսի՜մ,
թաթպան չունիմ,
կը մսի՜մ…

գլխարկը, վզկապը, թաթպանը ե՜ւ…

գլխարկը,
վզկապը,
թաթպանը
ե՜ւ
ձիւնամա՛րդը…

մե՜ծ գնդակ՝ ձիւնագնդակ…
պզտի՛կ գնդակ՝ ձիւնագնդակ…

պզտի՛կ կոճակ՝ երկու ծակ…
մե՜ծ կոճակ՝ չորս ծակ…

մե՜ծ  ու պզտի՛կ պղպջակ,
երբեմն ալ միջակ…

մե՜ծ, պզտի՛կ ու միջակ
պղպջակ,
ձիւնագնդակ եւ կոճակ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ցուրտ ձմեռը

Ցուրտ ձմեռը

Այլ նիւթեր՝

Համազգային Է գրադարան

Լկրտածը

Վէպ

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար