գարուն, ամառ,
աշուն, շշշշ… ձմե՜ռ…
մէկ ոչխար,
երկու ոչխար,
երեք ոչխար…
երեքէն ետք,
չո՛րսը կու գայ…
մէկ ոչխար,
երկու ոչխար,
երեք ոչխար,
չորս ոչխար…
չորսէն ետք,
գա՛յլը կու գայ… վա՜յ…
ո՛չ, ո՛չ,
չորսէն ետք,
քո՛ւնս կու գայ…
անո՜ւշ քուն,
ոսկի՛ երազ,
բո՛ւրդ բո՛ւրդ վերմակին տակ…
լուսի՛ն, լուսի՛ն, օրօրէ՜…
փայլո՛ւն աստղիկ, օրօ՛ր երգէ…
մուկը ծակը,
ձուկը ծովը,
իսկ դո՛ւն
բուրդէ վերմակին տակը…
աստղ եւ լուսին
օրօր կ՚երգեն,
օրօր կ՚երգեն
ու կ՚օրօրեն…
րուրի՜ րուրի՜,
սիրուն թռչնիկ,
անո՜ւշ քունիկ,
մշի՜կ մշիկ…