մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

ցաւը եւ բժիշկը

կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՜յ փորիկս կը ցաւի…

ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր բժիշկ մը…

կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՜յ փորիկս կը ցաւի…

ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր
ե՜ւ…
խոշոր քիթով բժիշկ մը…

կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՜յ փորիկս կը ցաւի…

ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր,
խոշոր քիթով
եւ
գանգուր մազով բժիշկ մը…

կը  ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՜յ փորիկս կը ցաւի…

ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր,
խոշոր քիթով,
գանգուր մազով
եւ
չամիչ տուող բժիշկ մը…

չամիչը ուտեմ
հատի՛կ հատի՛կ,
մեղրը ուտեմ
մատի՛կ մատի՛կ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Բժիշկը

Այլ նիւթեր՝

Փիլիպարտէզ

Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 2

Փիլիսոփայական

Սեռականութեան պատմութիւն

Փիլիսոփայական