մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

հացիկը

բթամատիկը
ալի՛ւր մաղեց,
ալի՛ւր մաղեց…

ցուցամատիկը
խմո՛ր շաղեց,
խմո՛ր շաղեց…

միջնեմատիկը
թոնի՛րը վառեց,
թոնի՛րը վառեց…

մատնեմատիկը
հացի՛կ թխեց,
հացի՛կ թխեց…

ճկոյթիկը հա՛մ,
հացիկը կերա՜ւ…

ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով,
հացիկը ուտեմ պանիրով…

դեղի՛ն պանիր,
ծա՛կ ծա՛կ պանիր…

ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով,
հացիկը ուտեմ
պանիրով եւ լոլիկով…

լոլիկը կարմիր է,
գլխարկը կանանչ է…

ծա՛փ ծա՛փ ծափիկով,
հացիկը ուտեմ
պանիրով,
լոլիկով եւ վարունգով…

վարունգը կանանչ է…

վարունգը կանանչ է,
երբեմն ալ ծո՛ւռ է…

անօթի՛ եմ,
ի՞նչ ուտեմ…

կարկանդա՞կ թէ պաղպաղակ…

ծարա՛ւ եմ,
ի՞նչ խմեմ…

խնձորի հի՞ւթ թէ օշարակ…

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Դալար թաթիկ

Թաթիկ մատիկ – ա

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Արեւ, արեւ

Վէպ
Զարդիս մատենաշար

Մինչ մազերս կ՚երկննային

Մանկապատանեկան վիպակ

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն

Ընթերցումին ընդերքը

Փորձագրութիւն