այն ո՞վ է…
հոտած պանիր շա՜տ կը սիրէ…
երազին մէջ
դեղին, ծակ ծակ պանի՛ր կը տեսնէ…
այն ո՞վ է…
ճերմակ մածուն շա՜տ կը սիրէ…
երազին մէջ
ճերմակ մածո՛ւն կը տեսնէ…
այն ո՞վ է…
քըթըր ոսկոր շա՜տ կը սիրէ…
երազին մէջ
քըթըր ոսկո՛ր կը տեսնէ…
այն ո՞վ է…
նարնջագոյն ստեպղին շա՜տ կը սիրէ…
երազին մէջ
կանանչ տերեւով ստեպղի՛ն կը տեսնէ…
այն ո՞վ է…
դեղին պանան շա՜տ կը սիրէ…
երազին մէջ
դեղին պանա՛ն կը տեսնէ…
այն ո՞վ է…
անուշ մեղր շա՜տ կը սիրէ…
երազին մէջ
անուշ մե՛ղր կը տեսնէ…
իսկ անօթի գայլը
ի՞նչ կ՚երազէ…
երազին մէջ
ի՞նչ կը տեսնէ…
երե՛ք հատ խոզուկ
գիրուկ միրուկ…