ես կը խաղամ
սենեակին մէջ
երբ որ գայլը հոս չէ,
գա՛յլ, գա՛յլ,
ո՞ւր ես դուն…
տաբատս կը հագնիմ…
դուն կը խաղաս
սենեակին մէջ
երբ որ գայլը հոս չէ,
գա՛յլ, գա՛յլ,
ո՞ւր ես դուն…
շապիկս կը հագնիմ…
ան կը խաղայ
սենեակին մէջ
երբ որ գայլը հոս չէ,
գա՛յլ, գա՛յլ,
ո՞ւր ես դուն…
կօշիկներս կը հագնիմ…
մենք կը խաղանք
սենեակին մէջ
երբ որ գայլը հոս չէ,
գա՛յլ, գա՛յլ,
ո՞ւր ես դուն…
կու գա՜մ…
վախնալի՞ք թէ խնդալիք…
շապիկ, տաբատ,
քանի՞ գրպան…
շապիկ, տաբատ,
երկու գրպան…
տաբատ, շապիկ,
քանի՞ կոճակ…
տաբատ, շապիկ,
հինգ կոճակ…