մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

բարեւ

պատուհանը գոց է,
պատուհանը բաց է․
այն ո՞վ է․

պըճինկօ՛,
նունիկն է,
արամիկին քոյրիկն է․

պըճինկօ՛,
արամիկն է,
նունիկին աղբարիկն է․

բարե՛ւ, բարե՛ւ,
վրադ ծագի արեւ․

արեւ, արեւ,
ոսկի արեւ,
մեզի կու տաս,
ոսկի բարեւ․

առտու կանուխ կ՚արթննաս,
ամպիկին հետ կը խաղաս,
կը պահուըտիս, դուրս կու գաս,
կը ժպտիս ու կը խնդաս․

ո՞ւր է արեւը․
ամպիկին առջեւը․

ո՞ւր է արեւը․
ամպիկին ետեւը․

ո՞ւր է արեւը․
ամպիկին աջ կողմը․

ո՞ւր է արեւը․
ամպիկին ձախ կողմը․

յոգնած արեւ ո՞ւր կ՚երթաս,
եկուր քովիկս կը քնանա՞ս․

արեւ քոյրիկը
առանց ճառագայթի՞․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ափ եւ ծափ

Աքլորիկը

Ընկերը

Ժամացոյցը

Արեւ լուսին աստղ

Այլ նիւթեր՝

Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները

Մանկական տեսերիզներու շարք

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր

Արաս

Հրատարակչատուն

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն