մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

անկիւնախաղ

սմբատը բա՛տ բա՛տ,
ո՞վ եկաւ․

եկա՜ւ, եկա՜ւ,
պարոն քառանկիւնը եկաւ
ու ըսաւ «բարե՛ւ»․

եկա՜ւ, եկա՜ւ,
պարոն քառակուսին եկաւ
ու ըսաւ «ապրի՛ս»․

եկա՜ւ, եկա՜ւ,
տիկին եռանկիւնը եկաւ
ու ըսաւ «ծափի՛կ»․

եկա՜ւ, եկա՜ւ,
տիկին կլորիկը եկաւ
ու ըսաւ «պաչի՛կ»․

պարոն քառակուսին աջ կողմէն,
տիկին եռանկիւնը ձախ կողմէն,
պաչիկ մը աջէն,
պաչիկ մը ձախէն,
քաշեցի՜ն, քաշքշեցի՜ն,
տիկին կլորիկը դարձաւ
հաւկթաձեւ․

անկիւն, անկիւն,
քանի՞ անկիւն․
եկո՛ւր խաղանք
չորս անկիւն․

քառակուսի, քառանկիւն,
կլորիկ, եռանկիւն,
եկուր խաղանք
տուն տուն․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Քանի՞ թիզ

Մատուռը

Այլ նիւթեր՝

Մշակութային առաջին հանրագիտակս

Հանրագիտարան

Կշռական հատում

Փորձագրութիւն

Նայիրի

Բառարաններու կայքէջ

Գիտութիւն (2016)