մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

կաղանդ պապուկը

կաղանդ է, կաղանդ է,
կաղանդ պապուկը հոս է․

կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․
խոշոր կարմիր քիթ ունի․

քի՛թ քի՛թ, խոշոր քի՛թ,
քի՛թ քի՛թ, կարմիր քի՛թ,
քի՛թ քի՛թ, խոշոր, կարմիր քի՛թ․

կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․
կարմիր, երկար գլխարկ ունի․

մէ՛կ թիզ,
երկո՛ւ թիզ,
քանի՞ թիզ․

կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․
երկա՜ր, ճերմակ մօրուք ունի․

բո՞ւրդ է,
բամպա՞կ է,
թէ փրփուր է․

կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․
կլորիկ մլորիկ փորիկ ունի․
մե՜ծ թմբուկի կը նմանի․

կաղանդ պապուկը ի՞նչ ունի․
մե՜ծ նուէր ունի․

մե՜ծ նուէրը
ինծի՞, թէ քեզի․

կաղանդ է, կաղանդ է,
կաղանդ պապուկը ո՞ւր է,
կաղանդ է, կաղանդ է,
կաղանդ պապուկը հոս է․

գլխարկը կարմիր է,
մօրուքը երկար է,
փորիկը կլոր է,
տոպրակը լեցուն է․

կաղանդ պապուկը
առանց կարմիր հագուստի,
կը մսի՜, կը մսի՜,
հապչի՜,
հապչի՜․․․

կաղանդ պապուկը
կարմիր հագուստը թող հագնի,
չմսի՜, չմսի՜,
հապչի՜,
հապչի՜․․․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ըսէ այն ո՞վ  է

Ամանոր

Կաղանդ

Ցուրտ ձմեռը

Կաղանդ պապուկ

Տօնածառ

Նկանակը

Այլ նիւթեր՝

Վիպումներ

Փիլիսոփայական

Սփիւռք մատենաշար

Ծափ ծափիկ

Մանկավարժական երաժշտութեան ծրագիր

Բնապահպանութիւն

Բնապահպանական միաւորներու շարք