ոսկի բանալի, արծաթ բանալի,
պալատին դուռը թող բացուի․
թագաւորը հարցուց թագուհիին,
թագուհին հարցուց իշխանին,
իշխանը հարցուց իշխանուհիին․
« ո՞ւր է պալատին բանալին »․
իշխանուհին պատասխանեց իշխանին,
իշխանը պատասխանեց թագուհիին,
թագուհին պատասխանեց թագաւորին․
« չկայ պալատին բանալին »․
բանալին կորսնցուցի,
ծակը ծուկը փնտռեցի․
ոսկի բանալի, արծաթ բանալի,
պալատին դուռը ինչպէ՞ս բացուի․
թագ ունի, թագ ունի,
թագաւո՞ր թէ թագուհի․․․