մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

տնակ տունիկ

տնակ, տունիկ,
չունի տանիք,
ինչպէ՞ս խաղամ տուն տունիկ․․․

տնակ, տունիկ,
վրան տանիք,
ես կը խաղամ տուն տունիկ․․․

ծխնելոյզէն ծուխ կ՚ելլէ,
այսօր մաման ի՞նչ կ՚եփէ․․․

ծուխ մուխ,
ծուռ մուռ․․․

այն ի՞նչ է, ի՞նչ․․․

թխկո՛ց, չխկո՛ց,
կարմիր բո՛ց․

ի՞նչ կայ, ի՞նչ կայ․
կրա՛կ կայ, կրա՛կ կայ․

շուտ հրշէջը կանչէ,
թող հրդեհը մարէ․․․

իսկ հրդեհին պատճա՞ռը․
արամիկը լուցկիով խաղացեր է,
տունը կրակ առեր է, վա՜յ․․․

արամիկը մեղաւոր,
արամիկը յանցաւոր,
հոնգուր հոնգուր լացա՜ւ,
մեր գիրքը թա՛փ թաց եղաւ․․․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ծուխը

Երեք հատ ցաւ

Հիւրը

Ճիճոզը

Այլ նիւթեր՝

Կարմիր կօշիկ

Մանկական գրքոյկ

Պուրակ

Կայքէջ

Գիտութիւն (2016)

Միտք եւ արուեստ

Գրական եւ վերլուծական յօդուածներու ժողովածու