այն ո՞վ է․․․
կ՚աշխատի ու կ՚աշխատի,
մէկ վայրկեան հանգիստ չունի․
եթէ բեռ չունենայ,
քալելը կը մոռնա՜յ․․․
է՜շ, իշո՛ւկ․
իշուկիս, իշուկիս,
գլուխը կը ցաւի,
իրեն պէտք է գլխարկ մը,
յարդէ պզտիկ գլխարկ մը․
իշուկիս, իշուկիս,
պոչիկը կը ցաւի,
իրեն պէտք է ընկեր մը,
հաւատարիմ ընկեր մը․
սո՜խ սխտոր
իշուկիս վրայ,
սո՜խ սխտոր
կը տանիմ շուկայ․
սոխ կը ծախեմ,
սխտոր կը ծախեմ,
վարպետս ծերացաւ,
ես կը ծախեմ․