պանի՜ր, պանի՜ր,
դեղի՛ն պանիր․
պանի՜ր, պանի՜ր,
ծա՛կ ծա՛կ պանիր․
պանի՜ր, պանի՜ր,
հոտա՛ծ պանիր․
պանի՜ր, պանի՜ր,
մուկի՛ պանիր․
մուկի՛, հոտա՛ծ, ծա՛կ ծա՛կ, դեղի՛ն պանիր․
հոտը առաւ մկնիկը,
վազեց գտաւ պանիրը․
ուր պանիր կայ,
հոն մուկ կայ․
կրծե՜ց, կրծե՜ց մկնիկը,
կերա՜ւ, կերա՜ւ շատակերը,
համով հոտով,
ախորժակով,
մատիկներով,
մնաց պանիրին կէսը․
մեծցա՜ւ փորիկը,
չկշտացա՜ւ շատակեր մկնիկը․
կրծե՜ց, կրծե՜ց մկնիկը,
կերա՜ւ, կերա՜ւ շատակերը,
համով հոտով,
ախորժակով,
մատիկներով,
մնաց պանիրին քառորդը․
կլորիկցա՜ւ փորիկը,
չկշտացա՜ւ շատակեր մկնիկը․
կրծե՜ց, կրծե՜ց մկնիկը,
կերա՜ւ, կերա՜ւ շատակերը,
համով հոտով,
ախորժակով,
մատիկներով,
ալ չմնաց պանիրը,
մնաց միայն
մե՜ծ, կլորիկ փորիկը․
մուկի՛, հոտա՛ծ,
դեղի՛ն պանիր
առանց ծակի՞․
կրծե՛ց, կրծե՛ց,
լափե՜ց, լափե՜ց,
փորիկին մէջ ի՞նչ թխմեց․