մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

ճաշը

դգալը կանչեց դանակը․
դանակը կանչեց պնակը․
պնակը կանչեց պատառաքաղը․

ձեռք ձեռքի,
ուս ուսի,
քով քովի,
քոչարի,
եկան ըսին․
«հրամմեցէք մեզի»․

առտու կանուխ նախաճաշի․
կէսօրը ճաշի․
իրիկունը ընթրիքի․

կլորիկ մլորիկ շաքարով հաց,
փորիկս անօթի մնաց․
երթամ նայիմ պատուհանէն,
արամիկը ո՞ւր մնաց․

կլորիկ հաց
առանց շաքարի՞․

դգալ, դանակ եւ պատառաքաղ
առանց կոթի՞․

պնակ, պնակ,
աջ կողմը՝ դգալ, դանակ,
ձախ կողմը՝ պատառաքաղ․

պնակ, պնակ,
մէջը՝ երկարակլորախմորածակ․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Հարիսա

Ճաշը

Ծուխը

Տաք ապուրը

Այլ նիւթեր՝

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր

Հայերէնի գիրքս

Սփիւռք մատենաշար

Անջրպետի մը գրաւումը

Բանաստեղծութիւններ

Պուրակ

Կայքէջ