մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

մատիկներու խաղ

մատի՛կ է, մատի՛կ է,
մինինիկ է,
մինակ է,
մե՜ղք է, մե՜ղք է․

մատի՜կ, մատի՜կ,
ճկոյթ մատիկ․

մատի՜կ, մատի՜կ,
մատնեմատիկ․

մատի՜կ, մատի՜կ,
միջնեմատիկ․

մատի՜կ, մատի՜կ,
ցուցամատիկ․

մատի՜կ, մատի՜կ,
բթամատիկ․

մատի՜կ, մատի՜կ,
հինգ հատ մատիկ․

հինգ հատ մատիկ,
լռի՜կ մնջիկ,
անկողին մտան,
սուսի՜կ փուսիկ․

«տե՛ղ չկայ, տե՛ղ չկայ,
  անդի՛ն գացէք, անդի՛ն գացէք»
ըսաւ ճկոյթ մատիկը
եւ հրեց,
հրմշտկեց,
մինչեւ բթամատիկը
գընտըլ մընտըլ
գլորեցաւ,
գլտորեցաւ,
անկողինէն բա՛թ
վար ինկաւ․

մնա՜ց, մնա՜ց քանի՞ մատիկ․
մնա՜ց, մնա՜ց չո՛րս մատիկ․

չորս հատ մատիկ,
լռի՜կ մնջիկ,
անկողին մտան,
սուսի՜կ փուսիկ․

«տե՛ղ չկայ, տե՛ղ չկայ,
  անդի՛ն գացէք, անդի՛ն գացէք»
ըսաւ ճկոյթ մատիկը
եւ հրեց,
հրմշտկեց,
մինչեւ ցուցամատիկը
գընտըլ մընտըլ
գլորեցաւ,
գլտորեցաւ,
անկողինէն բա՛թ
վար ինկաւ․

մնա՜ց, մնա՜ց քանի՞ մատիկ․
մնա՜ց, մնա՜ց երե՛ք մատիկ․

երեք հատ մատիկ,
լռի՜կ մնջիկ,
անկողին մտան,
սուսի՜կ փուսիկ․

«տե՛ղ չկայ, տե՛ղ չկայ,
  անդի՛ն գացէք, անդի՛ն գացէք»
ըսաւ ճկոյթ մատիկը
եւ հրեց,
հրմշտկեց,
մինչեւ միջնեմատիկը
գընտըլ մընտըլ
գլորեցաւ,
գլտորեցաւ,
անկողինէն բա՛թ
վար ինկաւ․

մնա՜ց, մնա՜ց քանի՞ մատիկ․
մնա՜ց, մնա՜ց երկո՛ւ մատիկ․

երկու հատ մատիկ,
լռի՜կ մնջիկ,
անկողին մտան,
սուսի՜կ փուսիկ․

«տե՛ղ չկայ, տե՛ղ չկայ,
  անդի՛ն գնա, անդի՛ն գնա»
ըսաւ ճկոյթ մատիկը
եւ հրեց,
հրմշտկեց,
մինչեւ մատնեմատիկը
գընտըլ մընտըլ
գլորեցաւ,
գլտորեցաւ,
անկողինէն բա՛թ
վար ինկաւ․

մնա՜ց, մնա՜ց քանի՞ մատիկ․
մնա՜ց, մնա՜ց մէ՛կ մատիկ․

մինակ մատիկ,
մինինիկ մատիկ,
անկողինը մե՜ծ,
ինքը պզտի՛կ,
քնացաւ առանձին,
լայնքի՞ն
թէ
երկայնքին․

մատի՛կ, մատի՛կ,
ծո՛ւռ մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
ծուռ մո՛ւռ մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
խորտուբորտ մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
վիրակապով մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
բշտիկով մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
ուռած մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
հանգոյց մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
կամար մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
ծպտուած մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
անօթի մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
յոգնա՜ծ մատիկ․

մատի՛կ, մատի՛կ,
թզո՛ւկ մատիկ․

թաթի՛կ, թաթի՛կ,
աջ թաթիկ,
ունի հինգ մատիկ․

թաթի՛կ, թաթի՛կ,
ձախ թաթիկ,
չունի հինգ մատիկ․

ա՛ջ թաթիկ,
ձա՛խ թաթիկ,
զո՛յգ մը թաթիկ,
ինչպէ՞ս ընեն ծա՛փ ծափիկ․

տոտի՛կ, տոտի՛կ,
աջ տոտիկ,
ունի հինգ մատիկ․

տոտի՛կ, տոտի՛կ,
ձախ տոտիկ,
չունի հինգ մատիկ․

ա՛ջ տոտիկ,
ձա՛խ տոտիկ,
զո՛յգ մը տոտիկ,
ինչպէ՞ս ընեն տո՛փ տոփիկ․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Քանի՞ թիզ

Մատուռը

Ճիմ ճիկ

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք եւ ինքնացում

Վերլուծումներ

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն

Ծիրանի Անուշ

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր