տըմփի՛կ, տըմփի՛կ,
դո՛ւռը բաց․
հրամմեցէ՜ք, հրամմեցէ՜ք,
հիւրասենեակ․
հրամմեցէ՜ք, հրամմեցէ՜ք,
ճաշասենեակ․
երթանք խոհանոց,
պատրաստենք
սո՛ւրճ,
թէ՛յ,
օշարա՜կ․
պէտքարանն ալ հո՛ս է․
ջուրը քաշելու չմոռնա՜ս․
ամօ՜թ է, ամօ՜թ է,
բաղնիքին դուռը
հաճիս գոցէ՛․
սենեա՜կ, սենեա՜կ,
ննջասենեակ․
մահճակալ, անկողին,
սաւան ու բարձ,
նունիկը կը մտնէ
վերմակին տա՛կ․
ո՛չ աղմուկ, ո՛չ շշուկ, շշշշ․․․
հաճիս լոյսը մարէ․․․
դարձեա՛լ հրամմեցէք․